2017-04-23 10:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` ''Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտեան է''։


(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր` Կիրակի 23 ապրիլ 2017-ին, Սուրբ Զատկուայ տօնը յաջորդող կիրակին, եկեղեցին կը տօնէ Աստուածային Ողորմութեան տօնը` հաստատուած երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ կողմէ։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հրապարակեց երկու թուիթներ որոնցմէ առաջինին մէջ  հաստատեց թէ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտեան, վերջ չունի, չի սպառիր, ու փակումներու առջեւ անձնատուր չ՛ըլլար ապա երբեք չի յոգնիր''։

Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ գրեց ''Հայցենք շնորհը երբեք չի յոգնելու Յիսուսէն ընդունելու Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը ու զայն տանելու համայն աշխարհին''.








All the contents on this site are copyrighted ©.